Այցելութեան հիմնական նպատակն էր Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան 100-ամեակին առիթով պատրաստուած յուշանուէրին յանձնումը Վեհափառ Հայրապետին։
Հանդիպումը առիթ եղաւ նաեւ քննարկելու Լիբանանի ու Սուրիոյ հայ համայնքներուն դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները եւ ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական շարժումին առնչուած նիւթեր։ Թէ՛ Նորին Սրբութիւնը եւ թէ՛ վերապատուելին վերաշեշտեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան միջեւ գործակցութեան կարեւորութիւնը»,-ասված է կաթողիկոսարանի հաղորդագրության մեջ։