Կարևոր իրադարձություններ

Աղոթում և կոչ եմ ուղղում մեր ժողովուրդի զավակներին. Արամ Ա-ն ուղերձ է հղել

08 Փետրվար, 2023 23:18
Աղոթում և կոչ եմ ուղղում մեր ժողովուրդի զավակներին. Արամ Ա-ն ուղերձ է հղել

Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոս Արամ Ա-ն ուղերձ է հղել` աջակցություն հայտնելով Սիրիայ ու Թուրքիայի  հայ համայնքին, որում ասվում է.

«Սիրելի զաւակներ հայ ազգի,

Մտահոգութեամբ եւ մօտէն կը հետեւիմ երկրաշարժին պատճառած ահաւոր քանդումներուն ու աւերին։ Սուրիոյ տագնապի ընթացքին, մեր համայնքի զաւակները մնացին կանգուն ու կազմակերպ՝ համախմբուած մեր եկեղեցւոյ ու համայնքային կառոյցներուն շուրջ։ Վստահ եմ, որ հակառակ ներկայ դժուար պայմաններուն, անոնք վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով, պիտի շարունակեն իրենց ընտանեկան, ընկերային ու համայնքային կազմակերպ կեանքը։

Մնայուն կապի մէջ եմ Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատուներուն հետ։ Կը զգամ մեր հայրենակիցներուն մտահոգութիւնը ու դժուարութիւնը եւ կ՚ուզեմ վստահեցնել, որ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պիտի շարունակէ իր ամբողջական զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը Սուրիոյ մեր սիրելի ժողովուրդին։

Աղօթող եմ եւ կոչ կ՚ուղղեմ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ իրենք եւս աղօթեն, որպէսզի բարձրեալն Աստուած Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ զոհուած մեր հայրենակիցներուն հոգիները լուսաւորէ, վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ եւ ոյժ ու կորով շնորհէ մեր բոլոր կամաւորներուն, որոնք գիշեր-ցերեկ կ՚օժանդակեն մեր զաւակներու կարիքներուն ներկայ դժնդակ պայմաններուն մէջ։

Աստուած օրհնէ մեր ազգի բոլոր զաւակները»։

 

Լրահոս

Դիտել ավելին