Կարևոր իրադարձություններ

Մենք կոչուած ենք հեռու վանելու մեր կեանքէն մեզ դէպի պարտուողականութիւն, հեռացում ու յուսահատութիւն առաջնորդող հոգեվիճակներէ ու քայլերէ. Արամ Ա

04 Ապրիլ, 2021 18:43
Մենք կոչուած ենք հեռու վանելու մեր կեանքէն մեզ դէպի պարտուողականութիւն, հեռացում ու յուսահատութիւն առաջնորդող հոգեվիճակներէ ու քայլերէ. Արամ Ա

Կիրակի, 4 Ապրիլ 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Վեհափառ Հայրապետին իբրեւ առընթերակայ Ս. Խորանին վրայ ներկայ էին Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, ինչպէս նաեւ միաբան հայրեր ու սարկաւագներ։ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին կողմէ։

Возможно, это изображение (один или несколько человек и на открытом воздухе)

Օրուան իր պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Աստուծոյ Որդւոյն յարութեան դէպքին՝ ըսաւ, որ «Յարութիւնը յաղթանակ մըն էր չարին, մեղքին ու մահուան դէմ, ու միաժամանակ՝ հրաւէր մարդուն իր կեանքը հաւատքով շաղախելու ու յոյսով գօտեպնդելու։ Քրիստոսի յարութիւնը հարկ է նկատել որպէս երաշխիք մարդու յարութեան ու հրաւէր՝ կեանքի տագնապները յարութեան հաւատքով ու յոյսով դիմագրաւելու։ Առաքեալը կ՚ըսէ՝ եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար, մեր հաւատքը իր իմաստը պիտի կորսնցնէր։ Քրիստոսի յարութեան վրայ հիմնուած հաւատքը նաեւ աղբիւր է յոյսի։ Արդարեւ, դարեր շարունակ մարդիկ յուսացին Աստուծոյ Մեսիային գալստեան։ Քրիստոսի մարդեղութեամբ ու յարութեամբ այդ յոյսը իրականացաւ»։

Возможно, это изображение (один или несколько человек)

Շարունակելով իր խօսքը, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Քրիստոսի յարութեան հաւատալ կը նշանակէ յոյսով ապրիլ, յոյսը դարձնել մեր կեանքին առանցքը ու ճամբան։ Քրիստոսի յարութեան հաւատալ կը նշանակէ յարութեան խորհուրդը ապրիլ մեր կեանքին մէջ։ Քրիստոսի յարութեան հաւատալ կը նշանակէ սպասել Քրիստոսի երկրորդ գալուստին։ Առանց յոյսի, սաղմոսին բառերով, մարդուն կեանքը կը վերածուի խոտի։ Քրիստոսով ապրիլ կը նշանակէ յոյսով ապրիլ, յոյսով զօրանալ»։

Возможно, это изображение (1 человек, стоит и в помещении)

Անդրադառնալով ներկայ ժամանակներուն՝ Հայրապետը ըսաւ. «Կ՚ապրինք դժուար ժամանակներու մէջ։ Ծանր պայմաններով շրջապատուած ենք։ Մեր անհատական, ընտանեկան թէ հաւաքական կեանքին դիմաց ցցուած են հսկայ դժուարութիւններ։ Այս կացութեան դիմաց, մենք կոչուած ենք հեռու վանելու մեր կեանքէն մեզ դէպի պարտուողականութիւն, հեռացում ու յուսահատութիւն առաջնորդող հոգեվիճակներէ ու քայլերէ։ Հաւատքով շաղախուած յոյսն է մեր կեանքի ճամբան։ Ա՛յս է պատգամը Քրիստոսի յարութեան։ Ա՛յս է ճամբան քրիստոնեայ մարդուն»։

Ս. Պատարագի ընթացքին ներկաները ստացան Ս. Հաղորդութիւն եւ Քրիստոսի յարութեան հաւատքով վերանորոգեցին իրենց յոյսը։

 

Լրահոս

Դիտել ավելին